2012-11-13 12:21:51

Նախագահ ֆրասնուա Հոլլանտ Վերահաստատած Է Իր Յանձնառութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծի Ընդունման Ի Խնդիր։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եռօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը տուած է Ֆրանսա, ուր ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին` Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անոնք հաստատած են, որ Հայաստանն ու Ֆրանսան բարձր կը գնահատեն երկու երկիրներուն միջեւ առկայ բարեկամական յարաբերութիւնները:
Ֆրանսայի նախագահը ի պատիւ հայաստանցի իր պաշտօնակիցին՝ կազմակերպած է ճաշի հաւաքոյթ մը, որուն ներկայ գտնուած են ֆրանսահայ աշխարհահռչակ արուեստագէտ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուր, եւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու խորհուրդի ղեկավարներ: Ֆրանսայի նախագահը Հոլլանտ այս հաւաքոյթին ընթացքին վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման համար : Ան ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է ապահովել իրաւական հիմքեր` Սահմանադրական Խորհուրդին մէջ օրինագիծի առկախումէն խուսափելու համար:
Երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ կայացած հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նախագահ Հոլլանտ յայտարարած է, որ իր երկիրը կ՛ուզէ ընդարձակել Հայաստանի հետ մշակութային յարաբերութեան շրջագիծը: «Մենք նաեւ կ՛ուզենք ամրապնդել տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան մակարդակը», յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահը:
Իր կարգին, նախագահ Սերժ Սարգսեան հայ ժողովուրդին եւ անձամբ իր անունով շնորհաւորած է Ֆրանսուա Հոլլանտը` Ֆրանսայի նախագահ ընտրուելուն առիթով: Հայաստանի նախագահը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է իր պաշտօնակիցին եւ Ֆրանսայի բարեկամ ժողովուրդին` Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ դրսեւորած իրենց կեցուածքին համար, որ շատ կարեւոր է հայ ժողովուրդին համար:
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները ապա անդրադարձած են Ղարաբաղեան տագնապին առնչուող հարցերու:
Ֆրանսայի նախագահը վերահաստատած է Մինսքի Խմբակի համանախագահներուն պատրաստակամութիւնը` բանակցութիւնները շարունակելու ուղղութեամբ: «Ֆրանսա ամէն բան պիտի ընէ, որպէսզի բանակցութիւնները վերսկսին: Լուծումը պէտք է հիմնուի Մատրիտեան սկզբունքներուն վրայ», յայտնած է Հոլլանտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.